Հայ Դատի խորհրդաժողովին մասնակցելու առիթով, րագրողներու հետ հանդիպում ունեցան Ֆրանսայի Հայ Դատի կողմէ Հրաչ Վարժապետեան եւ Մուրատ Փափազեանը:
Անոնք յայտնած են, որ, ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն, Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վիժեցնելու նպատակով նախորդ տարուան ընթացքին Թուրքիա ծախսած է 100 միլիոն տոլար:
«Այսօր Ֆրանսայի մէջ կայ թրքական յստակ վտանգ, եւ հայ համայնքին անվըտանգութիւնը եւս խնդրոյ առարկայ է։ Մենք լաւ կը ճանչնանք թուրքը, մանաւանդ որ ան ոչ մէկ ձեւով փոխուած է» դիտել տուած են Հայ Դատի գործիչները։
Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանը նշած է որ այսօր հայութիւնը պետական մակարդակով թրքական հակահայ քարոզարշաւին պատասխանելու, անոր վերջ տալու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կանգնած է, այլապէս հայերը ոչ նախանձելի իրավիճակի մէջ պիտի գտնուին։
Անոր համաձայն, օրինագիծին ոդիսականը ցոյց տուաւ, որ բարոյական յաղթանակը հայերուն կը պատկանի, բայց եւ այնպէս Սահմանադրական խորհուրդը տուրք տուաւ կաշառակերութեան ու թրքամէտ տրամադրութիւններուն: