Գերմանիոյ վարչապետ՝ Անկելա Մերքէլ, նոր օրէնսդրութեան մը նախապատրաստական աշխատանքներու շրջածիրին մէջ կոչ ըրած է երկրին քաղաքացիներուն, որպէսզի փոխանցեն՝ եթէ ունին թելադրութիւններ, որոնք զտման պիտի ենթարկուին համացանցային քուէարկման միջոցով:

Հաճոյքով կը հաղորդենք որ Ռ. Հատտէճեանի «Յուշատետր» շարքէն լոյս տեսաւ նոր հատոր մը եւս, «Դիմանկարներ», որ կը կազմէ Յուշատետր շարքի 26-րդ հատորը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնաժողովը (USCIRF) իր տարեկան նորագոյն զեկուցումին մէջ Թուրքիան դարձեալ դասած է կրօնական ազատութիւնները կոպտօրէն ոտնահարող երկիրներու շարքին:

ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Թուրքիոյ Վաքըֆներու (հիմնարկներու) ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ դատ բացած է, որպէսզի հայ համայնքը վերատիրանայ «Սանասարեան» հիմնարկին կողմէ պատրիարքարանին յանձնուած եւ ապա Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ գրաւուած շարք մը կալուածներու,

ԲԱՑՈՒՄԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԵԼ

«Հայրենիքի կարօտ» խորագրի ներքեւ այսօր Պերլինի մէջ բացումը կը կատարուի ցուցահանդէսի մը, որ  նուիրուած է Եւրոպայի միլիոնաւոր աքսորեալներուն, որոնք 1900-2000 թուականներուն բռնի տեղահանումներու կամ աքսորի ենթարկուեցան: