Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ թէ Le point ֆրանսական պարբերաթերթը ծաւալուն անդրադարձ մը կը կատարէ (19 էջ, բազմաթիւ լուսանկարներով) Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման օրինագիծի քուէարկութեան օրերուն, Յունուար 21ին Փարիզի մէջ կատարուած թուրքերու ցոյցին, բացայայտելով թրքական ծայրայեղ «Գորշ գայլերու» դերակատարութիւնը:
Թղթակցութեան որպէս հիմք օգտագործուած է ֆրանսական սպասարկութեան զեկուցում մը, որ թրքական միութիւններու եւ անհատներու յստակ անունները կը բացայայտէ:
«Գայլերը Փարիզ մտան» խորագրով Ֆրանսական Le point պարբերաթերթը կ'անդրադառնայ «Գորշ գայլերու»ն
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր