Շաբաթ, 31 մարտին, Գերմանիոյ Քիել քաղաքին մէջ գտնուող «Սփարքասըն Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին WBA-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Փիթըր Վիլշեւսքին:


Այս ճակատումը անցաւ ակնկալուածէն շատ աւելի «տաք» մթնոլորտի մէջ, մանաւանդ որ լեհ կռփամարտիկը շատ վարպետօրէն կը խուսափէր Արթուր Աբրահամի հարուածներէն:
Սակայն 12-րդ ռաունտէն ետք, իրաւարարները յաղթանակը շնորհեցին Աբրահամին՝ 118-109, 118-109 եւ 119-108 արդիւնքով: Այսպիսով, Աբրահամ հանդիսացաւ WBO-ի Եւրոպայի ախոյեան: