­altՀինգ տա­րի «­Լը ­Մոնտ» օ­րա­թեր­թի խորհր­դա­րա­նա­կան լրագ­րո­ղի պաշ­տօ­նը վա­րե­լէ ետք, ­Հե­լէն ­Պեք­մէ­զեան ­Հոկ­տեմ­բեր 11ին նշա­նա­կո­ւած է թեր­թին փոխ-խմբագ­րա­պե­տի պաշ­տօ­նին: Այս մա­սին կը յայտ­նէ «­Նոր ­Յա­ռաջ»:

 

 

­altՍեպ­տեմ­բեր 26ին ­Մոնթ­րէա­լի մէջ, իր մա­կա­նա­ցուն կնքեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող ­Գե­ղե­ցիկ ­Յա­կո­բեան-­Զու­րի­քեան։
Ան ծնած էր 1909ի ­Սեպ­տեմ­բեր 14ին, ­Պոլ­սոյ մօտ գտնո­ւող ­Պուր­սա­յի մէջ։

­Տիգ­րան ­Հե­քե­քեա­նի ղե­կա­վա­րած «­Հա­յաս­տա­նի փոք­րիկ եր­գիչ­ներ» երգ­չա­խում­բը` Հ.Հ. վե­րան­կա­խաց­ման 25ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած «Ան­կա­խու­թեան սե­րունդ» խո­րա­գի­րը կրող հա­մեր­գա­յին շրջա­գա­յու­թեամբ, ե­ղած է ­Դա­նիոյ, ­Գեր­մա­նիոյ, ­Հո­լան­տա­յի եւ ­Պել­ճի­քա­յի մէջ:

alt«­Նիւ Եորք ­Թայմզ» պար­բե­րա­կա­նը յայտ­նած է, թէ ծնն­­դա­կան (genetic) հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րով ա­պա­ցուց­ո­ւած է 5րդ ­դա­րուն պատ­մա­հայր ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի­ին տո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի ծագ­ման թո­ւագ­րու­թեան իս­կու­թիւ­նը:

 

 

­altՀոկ­տեմ­բեր 10ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 5ին, հրթիռ մը ին­կած է ­Հա­լէ­պի ­Թե­լե­ֆոն ­Հաո­ւա թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան «­Բե­թել» վար­ժա­րա­նին վրայ: «­Վար­ժա­րա­նին շէն­քը բա­ւա­կան վնաս­ներ կրած է: