­Տիգ­րան ­Հե­քե­քեա­նի ղե­կա­վա­րած «­Հա­յաս­տա­նի փոք­րիկ եր­գիչ­ներ» երգ­չա­խում­բը` Հ.Հ. վե­րան­կա­խաց­ման 25ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած «Ան­կա­խու­թեան սե­րունդ» խո­րա­գի­րը կրող հա­մեր­գա­յին շրջա­գա­յու­թեամբ, ե­ղած է ­Դա­նիոյ, ­Գեր­մա­նիոյ, ­Հո­լան­տա­յի եւ ­Պել­ճի­քա­յի մէջ:

Երգ­չա­խում­բը հա­մերգ­նե­րով հան­դէս ե­կած է եւ­րո­պա­կան 9 քա­ղաք­նե­րու մէջ, ու­նե­ցած է 9 հա­մերգ` հան­րա­յայտ ­Պեր­լի­նի ­Ֆիլ­հար­մո­նիկ հա­մեր­գաս­րա­հէն մին­չեւ Պ­րիւք­սե­լի ­Մայր ­Տա­ճար:

Երգ­չա­խում­բի աղ­բիւր­նե­րը կը յայտ­նեն, որ հա­մերգ­նե­րուն ներ­կայ ե­ղած են ար­տերկ­րի պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան այ­րեր, օ­տա­րերկ­րեայ դի­ւա­նա­գէտ­ներ, մի­ջազ­գա­յին պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ, ա­րուես­տա­գէտ­ներ, երգ­չախմ­բա­յին ա­րո­ւես­տի սի­րա­հար­ներ:

­Գեր­մա­նիոյ մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ա­շոտ Սմբա­տեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ նշած է.- «Աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն բե­մե­րը նո­ւա­ճած «­Հա­յաս­տա­նի փոք­րիկ եր­գիչ­ներ» եր­գա­խում­բը, լի­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­սա­կա­կի­ցը, խա­ղաղ եւ ներ­դաշ­նակ աշ­խար­հում ապ­րե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու հայ ժո­ղովր­դի ձգտման լա­ւա­գոյն ար­տա­յայ­տումն է»: