Հոկտեմբեր 10ին, առաւօտեան ժամը 5ին, հրթիռ մը ինկած է Հալէպի Թելեֆոն Հաուա թաղամասին մէջ գտնուող հայ աւետարանական «Բեթել» վարժարանին վրայ: «Վարժարանին շէնքը բաւական վնասներ կրած է:
Բարեբախտաբար, մարդկային զոհեր չենք ունեցած: Վաղ առաւօտ էր, եւ դեռ աշակերտները վարժարան չէին եկած,- «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Սուրիոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան եւ աւելցուցած,- իմ բնակարանս դպրոցէն մօտ 30 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Ես հրթիռին ձայնը լսեցի, բայց մտածեցի, որ մեր բնակութեան վայրէն հեռու ինկած է: Եւ միայն առաւօտեան պարզեցինք, որ հրթիռին թիրախը մեր վարժարանն էր»:
Հակառակ հրթիռակոծութեան` վարժարանին մէջ դասերը չեն ընդհատուած. «Առաւօտեան մենք փորձեցինք ամէն ինչ կարգի բերել, որպէսզի երեխաները շատ բան չտեսնեն: Հրթիռը հիմնականօրէն վնասած էր վարժարանին տանիքը եւ 12րդ դասարանը: Այդ դասարանի աշակերտները մենք այլ դասասենեակ տեղափոխեցինք: Շուտով կը սկսենք վերանորոգման աշխատանքներուն»,- նշած է Յարութիւն Սէլիմեան: