­altՍեպ­տեմ­բեր 26ին ­Մոնթ­րէա­լի մէջ, իր մա­կա­նա­ցուն կնքեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող ­Գե­ղե­ցիկ ­Յա­կո­բեան-­Զու­րի­քեան։
Ան ծնած էր 1909ի ­Սեպ­տեմ­բեր 14ին, ­Պոլ­սոյ մօտ գտնո­ւող ­Պուր­սա­յի մէջ։

1915ին, ­Յա­կո­բեա­նի հայ­րը զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած է թրքա­կան բա­նա­կին մէջ, ա­պա՝ հայ ըլ­լա­լուն հա­մար սպան­նո­ւած է։ ­Հե­տա­գա­յին, ­Գե­ղե­ցիկ փոքր տա­րի­քին ան­ջա­տո­ւած է իր մօր­մէն ու քոյր-եղ­բայր­նե­րէն եւ իբ­րեւ որբ մեծ­ցած իր կող­քին ու­նե­նա­լով քոյ­րե­րէն միայն մէ­կը։ Իբ­րեւ որբ տե­ղա­հա­նո­ւած մը՝ ա­նոր եր­թը զինք տա­րած է ­Յու­նաս­տան եւ Ե­գիպ­տոս։

Որ­բա­նո­ցէն հե­ռա­նա­լէ ետք՝ ան Ե­գիպ­տո­սի մէջ հրէա­կան տան մը մէջ սպա­սա­ւո­րու­թիւն կա­տա­րած է։ ­Յա­կո­բեան հե­տա­գա­յին հան­դի­պած եւ ա­մուս­նա­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած մէկ այլ որ­բի մը հետ, որ իբ­րեւ գաղ­թա­կան կ­՚ապ­րէր ­Պէյ­րու­թի մէջ։ Ա­նոնք ըն­տա­նիք կազ­մած են Ե­գիպ­տո­սի մէջ եւ ի­րենց ե­րեք զա­ւակ­նե­րուն հետ գաղ­թած ­Գա­նա­տա։ ­Տաս­նեակ տա­րի­նե­րու բա­ժա­նու­մէ ետք՝ ­Յա­կո­բեան փնտռած ու գտած է իր մայ­րը։

­Հա­կա­ռակ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռով իր դի­մագ­րա­ւած բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն՝ ­Յա­կո­բեան կ­՚ապ­րէր իբ­րեւ վկայ մը, թէ ինչ­պէ՛ս հա­յե­րը հա­կա­ռակ բո­լոր տե­սա­կի տա­ռա­պանք­նե­րուն ու բռնու­թիւ­նե­րուն վե­րապ­րե­ցան։ ­Զու­րի­քեան իր ե­տին կը թո­ղու 3 զա­ւակ, 9 թոռ եւ 18 ծոռ։