Ա.Մ.Ն. Օրեգոն նահանգի Փորթլանտ քաղաքի Lewis&Clark քոլեճի ուսանող Սեմ Պուսսանը իր հետաքրքրասիրութեան արդիւնքով գրադարանի նկուղին մէջ յայտնաբերած է 1599 թուականի հրատարակութեան Աստուածաշունչ մը` Եղիսաբէթ 1ի եւ Շէյքսփիրի Աստուա
ծաշունչը, ուր յիշատակուած է Մեծ Հայքը:
Աղբիւրը կը նշէ մեծ Հայաստան (The Great Armenia),- կը յայտնէ Panorama.amը՝ ամերիկեան հեղինակաւոր CBS հեռուստաընկերութեան կայքի յղումով:
Մասնագէտները կը նշեն, որ Աստուածաշունչի բացառիկ հրատարակութեան մէջ հիմնական գրառումները ներկայացուած են փայտի վրայ կատարուած բարդ պատկերազարդումներու միջոցով: Աստուածաշունչին մէջ «Եդեմական այգիի իրավիճակը» բաժինին մէջ փայտէ տախտակի վրայ պատկերուած են Միջին Արեւելքի եւ Մեծ Հայքի, Բաբելոնի եւ Պարսից ծոցի քարտէսները:
Գիրքին մէջ կայ նաեւ գրառում, ըստ որուն՝ յայտնի կը դառնայ, որ անիկա տպագրուած է Լոնտոն, Անգլիոյ թագուհիին հրատարակիչ Քրիսթոֆըր Պերքըրի կողմէ: