Ուրբաթ՝ 7 Հոկտեմբեր 2016ին Հայաստանի կողմէ առաքուած «Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին՝ խաղաղութեան մաղթանքներով» խորագիրը կրող բարեգործական մարդասիրական օժանդակութիւնը հասաւ Հալէպ:
40 թոն կշռող մարդասիրական օժանդակութիւնը նախապէս երկու հանգրուանով հասած էր Լաթաքիոյ ռուսական Հըմէյմիմ ռազմակայան:
Օժանդակութեան մէկ մասը տրամադրուեցաւ Լաթաքիոյ, Քեսապի, Թարթուսի եւ Դամասկոսի ժողովուրդին, իսկ գերակշիռ մասը հասաւ Հալէպ, տրամադրուելու բոլոր կարիքաւոր սուրիացիներուն:
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց օժանդակութիւնը փոխադրող բեռնակառքներու ժամանման ներկայ էին Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, հայ երեք համայնքապետները, սուրիական խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմնի ներկայացուցիչները:
Օժանդակութիւն, որ կ՛ընդգրկէր սննդամթերք, անձնական մաքրութեան իրեր, ձմեռնային հագուստներ, ծածկոցներ եւ այլն, յանձնուեցան սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին, որպէսզի անիկա իր կարգին տրամադրէ բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն, անկախ անոնց ազգային պատկանելութենէն: