«Նիւ Եորք Թայմզ» պարբերականը յայտնած է, թէ ծննդական (genetic) հետազօտութիւններով ապացուցուած է 5րդ դարուն պատմահայր Մովսէս Խորենացիին տուած հայ ժողովուրդի ծագման թուագրութեան իսկութիւնը:
Մովսէս Խորենացի իր «Հայոց Պատմութիւն» աշխատութեան մէջ գրի առած աւանդազրոյցին մէջ կը նշէ, որ հայ ժողովուրդը ծագած է Ք.ա. 2492 թուականին: Թէեւ պատմիչը նշած է, որ ճանապարհորդած է Բաբելոն եւ ուսումնասիրած հնադարեան աղբիւրները, իսկ այդ ժամանակաշրջանը երկար տարիներ կը համարուէր առասպելական, այնուամենայնիւ գիտնականներու կատարած վերջին հետազօտութիւնները կ՛ապացուցեն Խորենացիի պատմութեան արժանահաւատութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը, ծննդագէտները զննած են Հայաստանի եւ Լիբանանի 173 հայերու ծիները եւ անոնք համեմատած են աշխարհի այլ 78 ազգերու ծիներուն հետ: Պարզուած է, որ հայերը խառնուրդ են հնագոյն ցեղախումբերու, որոնց ժառանգորդները այսօր կը բնակին Սարտինիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ եւ քանի մը այլ տարածաշրջաններու մէջ: Ծինային ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, այդ ժողովուրդներու միախառնումը տեղի ունեցած է Քրիստոսէն 3000-2000 տարի առաջ, ինչ որ լիովին կը համընկնի Մովսէս Խորենացիի տուած թուագրութեան հետ:
Պրոնզէ դարու վերջը, երբ ցեղախումբերու միաձուլումը դեռ ընթացքի մէջ էր, տեղի ունեցած է ժողովուրդներու տեղաշարժ, պայմանաւորուած առեւտուրով, պատերազմներով եւ ժողովրդագրական աճով:
Իսկ Ք. ա. 1200 թուականէն ետք Միջերկրական ծովու արեւելեան ափի պրոնզեդարեան քաղաքակըրթութիւններու անսպասելի անկումը, կարծես թէ, յանգեցուցած է միւս ժողովուրդներէն հայերու մեկուսացումին: Հետագայ տարիներուն հայերու եւ միւս ժողովուրդներու միջեւ էական միաձուլումներ տեղի չեն ունեցած, որուն մասին կը վկայեն ծննդական հետազօտութիւնները: Այս մեկուսացումը պայմանաւորած է հայկական մշակութային շարք մը առանձնայատկութիւններ` լեզուն, այբուբենը, կրօնը:
Բացի այդ, ծննդական հետազօտութիւնները շեղումներ ցոյց տուած են հայկական արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներու միջեւ, որ յառաջացած է 500 տարի առաջ, Օսմանեան եւ Սեֆեան կայսրութիւններու միջեւ բռնկած պատերազմին սկիզբը, երբ Հայաստանը բաժնուեցաւ թրքական եւ պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ:
«Այս ՏՆԹ ուսումնասիրութիւնը ընդհանուր գիծերով կը հաստատէ հայկական պատմութեան մասին մեր գիտելիքները»,-ըսած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի պատմաբան Յովհան Սիմոնեան:
Հետազօտողներու հետաքրքրական բացայայտումներէն է նաեւ այն, որ հայերը շատ աւելի մօտ եղած են 8 հազար տարի առաջ գիւղատնտեսութիւնը Եւրոպա բերած նէոլիթեան երկրագործներուն, քան Միջին Արեւելքի ներկայիս բնակիչներուն:
Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են bioRxiv թուայնացուած գրադարանին մէջ: