Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի կազմակերպութեամբ՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական ծառայութեան 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով Ուրբաթ՝ 30 Սեպտեմբեր 2016ի երեկո
յեան, Կլէնտէյլի «Սիվիք» կեդրոնին մէջ, Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1000 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան։ Ներկայ էին նաեւ միաբան ու քահանայ հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ գաղութի կեանքէն ներս գործող զանազան միութեանց ներկայացուցիչներ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ հայրապետական թափօրը մուտք գործեց հայ երիտասարդներով ողողուած սրահը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչեցնելէ ետք կատարուեցաւ բացման խօսքը։ Ապա հայ վարժարաններու, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ եկեղեցւոյ պատանեկան միութեանց ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչները իրենց խօսքերուն մէջ բարի գալուստ մաղթեցին Նորին Սրբութեան եւ վեր առին Հայոց Հովուապետին առաջնորդի, ղեկավարի, միջ-եկեղեցական գործիչի, հայ մշակոյթի պահապանի եւ Հայ Դատի պաշտպանի արժանիքները։ Ապա՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան եւ բեմ հրաւիրեց, որպէզի իր հայրապետական խօսքը փոխանցէ։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ մենք կը գիտակցինք ներկայ աշխարհի պարտադրած դժուարութիւններուն, սակայն ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, մենք պարտաւորութիւնը ունինք հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն։ «Հայ լեզուն կարեւոր ազդակ մըն է մեր ինքնութեան պահպանման։ Մեր դպրոցները, միութիւնները, բայց մանաւանդ մեր ընտանիքները ջատագովը պէտք է ըլլան մեր մայրենիին ու անոր պահպանման։ Այս առումով առանցքային է մեր ընտանիքներուն դերը»,- ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Արեւմտեան Թեմէն ներս գործող կազմակերպութիւնները, դպրոցները եւ միութիւնները, որոնք եկեղեցւոյ կողքին լծուած են հայապահպանման ու ազգապահպանման նուիրական առաքելութեան։
Ներկայ երիտասարդները քրիստոնէական դաստիարակութեան, ինքնութեան պահպանման, մեր եկեղեցւոյ ու սփիւռքէն ներս անոր դերակատարութեան, արդի արհեստագիտութեան, երիտասարդները ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապուած պահելու դժուարութիւններուն եւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերատիրացման դատին հետ առնչութիւն ունեցող հարցադրումներ կատարեցին, որոնց Նորին Սրբութիւնը տուաւ սպառիչ պատասխաններ։
Երիտասարդութեան հետ հանդիպման շահեկան երեկոն փակուեցաւ հայրապետական օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։