Հայաստանի Քաղաքացիական Օդագնացութեան վարչութեան վարչական տարածքէն ներս օդաուսումնական կեդրոնի հինգ ուսանողներ առաջին անգամ ըլլալով ստացան օդաչուի վկայական: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վկայականները յանձնեց Քաղաքացիական Օդագնացութեան վարչութեան պետ Արտիոմ Մովսիսեանը:

Իրականութեան մէջ սա աւանդական ուսուցում մըն է, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը 2007 թուականէն ի վեր կը ցուցաբերէ պետական մօտեցում եւ այս պատճառով ալ վկայականները յանձնուեցան առաջին անգամ:
Վկայեալ հինգ ուսանողները օդաուսումնական կեդրոնէն ներս երեք տարւան կրթութիւն ստացած են, տարի մըն ալ անցած են թռիչքային փորձերէ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը 210 ժամ թռած է:
Նոյն հաստատութեան մօտ ներկայիս կայ եւս երկու դասարան, ուր նոյն ուսումը կը ջամբուի: Իւրաքանչիւր դասարան նոյնպէս հինգ ուսանողէ կը բաղկանայ: Կրթական ծրագրերու շրջագծով գործնական փորձերը կիրականացուին Ռուսաստանի համապատասխան կառոյցներու համագործակցութեամբ: Յաջորդ երկու դասարաններէն մէկուն մէջ ուսանողները իրենց վկայա-կանները պիտի ստանան յառաջիկայ տարի Փետրուարին, իսկ միւսները՝ նոյնպէս յառաջիկայ տարուան ամրան: