Մասնագէտները կահազանգեն, որ Հայաստանը կանգնած է ժողովրդագրական լուրջ աղէտի շեմին, որու հիմնական պատճառներէն մէկը արտագաղթն է, մինչդեռ կառավարութիւնը «աչք կը գոցէ» Ռուսաստանի միգրացիոն գործակալութեան ներդրած միգրացիոն ծրագրին վրայ, որը հայաստանցիներուն կառաջարկէ Ռուսաստանի մէջ մշտական բնակութեան շահաւետ պայմաններ, աշխատանք ու նոյնիսկ բնակարան հայթայթելով երկրի հեռաւոր շրջաններուն մէջ:

Հայաստանի մէջ արդէն երկու տարի է՝ ներդրուած է եւ 2010-էն առաւել մեծ թափով կիրականացուի Ռուսաստանի մէջ բնակեցման ծրագիրը:
2006 թ. ընդունուած Ռուսաստանի կամաւոր վերաբնակելուն օժանդակելու մասին որոշման համաձայն՝ այդ երկրի 24 մարզերուն մէջ (հիմնականօրէն ծայրամասային) բնակիլ փափաքողները կը ստանան ոչ միայն աշխատանքի հնարաւորութիւն, նպաստ, մեկնումի ու իրերու տեղափոխման համար փոխ հատուցում, այլեւ մի քանի ամսուայ ընթացքին, ինչպէս կը շեշտուի օրէնքով՝ «ոչ աւելի, քան վեց ամիս», կը ստանան  ռուսական քաղաքացիութիւն:
Տեղանքի հետ կապուած մէկանգամեայ վճարումը կարող է 4000-8000 տոլար ըլլալ: Ռուսաստանի մէջ աշխատելու հնարաւորութիւնը նոյնպէս հիմնականօրէն կախուած է նահանգներու առկայ պահանջարկէն:
Վերջին տարիներուն տարեկան միջինը մօտ 60.000 մարդ կը մեկնի Հայաստանէն, մեծ մասը՝ Ռուսաստան, իսկ անկախութենէն ի վեր երկիրը լքած է 1,1 մլն մարդ:
Թէեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը Փետրուար 25-ի իր հարցազրոյցին յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը կը մտահոգուի արտագաղթի վերաբերեալ «միգրացիոն ծառայութիւնից ստացուած թիւերից» եւ հաստատեց յատուկ ծրագրեր` «ուղղուած արտագաղթի մակարդակի նուազման եւ բարենպաստ պայմաններու ստեղծման հայ-րենակիցներու վերադարձի համար», սակայն այս յայտարարութիւնը իրականութեան հետ համադրողներուն քիչ յոյսեր կը ներշնչէ:
«Ի՞նչ է նշանակում՝ մտահոգում է, եթէ նրանք անգամ չեն կարող կանխել իրենց ռազմավարական գործընկերոջ սկսած հայաթափութեան ծրագիրը»,- կը զայրանայ սոցիոլոգ, փորձագէտ (կը համագործակցի ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու հետ) Ռուբէն Եգանեանը:
Ռուսիոյ միգրացիոն ծառայութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան, ուր պարբերաբար հերթեր կը գոյանան, օրական կայցելէ մօտ հարիւր միգրանտ եւ մօտ տասը դիմում կը ներկայացուին, որոնցմէ, ըստ ներկայացուցչութեան ղեկավարին, կը մերժուի միայն 30 տոկոսը:
Ծրագրի մասին սեմինարներ կը կազմակերպուին նաեւ մարզերուն մէջ, սակայն այն չի գովազդուիր առաւել լայն միջոցներով,որը, ըստ «Սարդարապատ» ընդդիմադիր շարժման ղեկավար Ժիրայր Սէֆիլեանի, յատուկ պայմանաւորուածութեամբ կըլլայ. «Իմ տեղեկութիւններով՝ կառավարութիւնը ըսած է՝ ըրէք այդ ծրագիրը, բայց հնարաւորինս անաղմուկ»,- կըսէ Սէֆիլեանը:
Մինչդեռ գործակալութեան մասնագէտները առաւել թիրախային խումբերու հետ կաշխատին:
Ռուսիոյ միգրացիոն ծառայութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Սվետլանա  Ստեպանովան «ԱրմենիաՆաուին» կըսէ, որ ծրագրի մասին պատմած է տարբեր մարզերու մէջ:
«Գտնուած եմ Իջեւան, Լոռիի մարզի մի քանի գիւղեր, Արմաւիր, բացատրեցի ժողովուրդին ու ծրագրի մանրամասնութիւնները  պարզաբանեցի: Մենք կը ներկայացնենք մեր ծրագիրը, սակայն ոչինչ կը քարոզենք»,- կը վստահեցնէ Ստեպանովան:
Ըստ Ստեպանովայի՝ նախորդ տարուայ ընթացքին Հայաստանէն այս ծրագրով մեկնած է մօտ 2000 հոգի, որոնց մեծ մասը կը բնակի Կալինինկրատի, Տամբովի, Կալուգայի ու Լիպեցկի մարզերը:
«Իրականութեան մէջ մենք այնքան ալ գոհ չենք արդիւնքներէն, շատերը կուգան եւ կը փափաքին միայն աշխատիլ, եւ ոչ թէ մշտական բնակութիւն հաստատել, հայերը կը սիրեն իրենց երկիրը»,- կըսէ Ստեպանովան` միաժամանակ աւելցնելով, որ այս տարի գրեթէ 2,5 անգամ աւելցած է ծրագրով հետաքրքրուողներու թիւը, որը, կարելի է, սոցիալական խնդիրներու հետեւանք է:
Մինչդեռ շատերը կը կասկածին, թէ ներկայացուած թիւերը միտումնաւոր նուազած չեն:
«2010 թ., երբ այս ծրագիրը վերամշակուեցաւ ու շատ աւելի շահաւետ ու հրապուրիչ դարձաւ, քանի որ կը խոստանան լուծել աշխատանքի, բնակութեան, քաղաքացիութեան հարցերը, նպաստ կուտան եւ կը հոգան ճանապարհածախսը, մեր երկրէն արտագաղթի թիւը, պաշտօնական տուեալներով, 2009-ի համեմատութեամբ աճեցաւ 39 տոկոսով, այն պարագային, երբ ճգնաժամ էր Ռուսաստանի մէջ, եւ աշխատանքային միգրանտները անգամ չէին մեկներ»,-«ԱրմենիաՆաուին» կըսէ ֆրանսահայ հասարակական գործիչ, պատերազմի վեթերան Սէֆիլեանը:
Ըստ քաղաքացիական օդային գլխաւոր վարչութեան հրապարակած տուեալներու՝ 2009-ի համեմատութեամբ անցեալ տարի Հայաստանէն մեկնած է 87.000 մարդ աւելի,             ընդ որում, անոնցմէ աւելի քան 60.000-ը Հայաստանէն մեկնած են անվերադարձ:
Սակայն այս թիւերը առայժմ մտահոգիչ չեն Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան առընթեր Միգրացիոն գործակալութեան պետ Գագիկ Եգանեանի համար, որ կը կարծէ, որ ծրագրով մեկնողներու թիւը զանգուածային չէ. «Այլապէս, եթէ զանգուածային լինէր, կիմանայինք»,- կը հիմնաւորէ Եգանեանը:
«Ռուսաստանը լուծում է իր ժողովրդագրական խնդիրները, աշխատուժ է հաւաքում, նման կերպ վարւում են շատ այլ երկրներ՝ Գանատան, Նոր Զելանդան, դա նորմալ քաղաքականութիւն է»,- «ԱրմենիաՆաուին» կըսէ  Եգանեանը:
Մինչդեռ ժողովրդագրագէտները մտահոգուած են, թէ ո՞վ պէտք է լուծէ Հայաստանի ժողովրդագրական աղէտի խնդիրները:
«Իրավիճակն իսկապէս վտանգաւոր է, քանի որ եթէ մեր՝ ամենամեծ ծնելիութեամբ աչքի ընկած տարիների սերունդը՝ 80-ականների սերունդը, այսօր ունենում է տարեկան միայն 40.000 երեխայ, ապա առաջիկայ տասը տարիներին, երբ արդէն կուգայ 90-ականների սերունդի մայրանալու հերթը (միջինը 30.000 երեխայ տարեկան), մենք կտրուկ անկում ենք արձանագրելու»,- «ԱրմենիաՆաուին» կըսէ ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի ղեկավար Կարինէ Գույումջեանը:

«ԱրմենիաՆաու»