Օգոստոս 5ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ընդունեց սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման 2011 դասընթացներու մասնակիցները:
Ողջունելով հիւրերը՝  նախարար Յակոբեանը նշեց, որ ուրախ է հայրենիքի մէջ տեսնելու Սփիւռքի համայնքներու սիրտը, ոգին հանդիսացող, հայ կրթութեան գործը կազմակերպող, հայապահպանութեան, հայ ինքնութեան պահպանման ամենամեծ նուիրեալը՝ հայ ուսուցչը.


“Շնորհակալ եմ, որ աշխատում էք հայի եւ Հայաստանի համար: Փորձում էք Սփիւռքում ապրող երիտասարդին մօտ պահել իր արմատին, իր լեզուին ու մշակոյթին:
“Ինձ համար Սփիւռքի ուսուցիչն ամենայարգուած, ամենապատուելի, ամենանուիրեալ անձնաւորութիւնն է, միաժամանակ, ցաւով պէտք է նշեմ, ամենաաղքատն ու չապահովուածը”,-նշեց նախարարը:
Հրանոյշ Յակոբեան ցաւով արձանագրեց, որ Սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցը նահանջ կ’ապրի. Կը փակուին հայկական ամենօրեայ դպրոցները, աշակերտներու  թիւը կը նուազի: Բայց միաժամանակ ուրախութեամբ նշեց, որ հակառակ այս բոլորին՝ միօրեայ դպրոցներու թիւի աճ կը նկատուի:
Ապա նախարարը ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան այն ծրագրերը, որոնք նպատակ ունին աջակցելու Սփիւռքի կրթամշակութային խնդիրներու լուծման, ուծացման դէմ պայքարին, արեւմտա-հայերէնի պահպանման ու զարգացման:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ հայրենադարձութեան խթանող “Արի տուն” ծրագրին, որուն տարուէտարի աւելի շատ թիւով երիտասարդներ կը մասնակցին: Ծրագիր, որուն  շնոհիւ սփիւռքահայ երիտասարդները կը ծանօթանան Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին, հասարակական կեանքին, հոգեւոր եւ ընտանեկան աւանդոյթներուն:
Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն, նուիրեալ անհատներուն խրախուսելու, լաւագոյն օրինակները, ձեռքբերումներն ու ջանքերը ճանաչելի դարձնելու նպատակով նախարարութիւնը կ’իրականացնէ Համահայկական մրցանակաբաշխութիւն “Կտոր մը Հայրենիք”, “Մայրենիի լաւագոյն ուսուցիչ” “լաւագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւն” անուանակարգերով,- նշեց Նախարարը եւ անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքեան կրթօճախներու որակի բարձրացման խնդիրին, որ պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին է:
ՀՀ կառավարութիւնը ամէն տարի սփիւռքահայ շրջանաւարտներուն 70 տեղ կը յատկացնէ հայագիտական առարկաներ ուսանելու համար: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը կոչ ըրաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն յորդորել իրենց աշակերտներուն՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ հայրենիքի մէջ: