Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ շաբաթավերջին  ընդունեց Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը՝  խորհուրդի ղեկավար Մանուէլ Բադալեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուեցան քաղաքացիական ծառայութեան մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:


Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այս մարզի դերն ու նշանակութիւնը կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման տեսանկիւնէն՝  գոհունակութեամբ ընդգծելով երկու հայկական հանրապետութեանց համանուն կառոյցներուն միջեւ աշխուժ համագործակցութիւնը: