«Սիրեցէ՛ք ու նուիրեցէ՛ք ձեր ժողովուրդին» պատգամեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը
Օգոստոս 4ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու համահայկական 11րդ բանակում-հայրենագնացութեան բացման արարողութիւնը, որ սկսաւ ՀՀ եւ Դաշնակցութեան օրհներգով:
Ներկայացնելով բանակումին նպատակը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ. «Այս բանակումի հիմնական նպատակն այն է, որ առանձին միաւորների ներկայացուցիչները կարողանան այնքան ճանաչել մէկը միւսին, որ այն դառնայ յաւերժութիւն տանող ընկերութեան սկիզբ»:
Անոր խօսքերով, «իւրաքանչիւր ընկերութեան հիմքը՝ միացնող բարոյական արժէքախումբն է, իսկ այս դէպքում՝ դա Հայաստանն է եւ հայ ժողովուրդը»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան, իր կարգին նշեց, որ տասնամեայ պատմութիւն ունեցող բանակումները լաւ առիթ են քըննարկումներ կազմակերպելու, իրարու հետ շփուելու եւ ապագայի ծրագիրներ կազմելու համար:
«Գիտելիք, հաւատ, կամք. սա է յաջողութեան հասնելու գրաւականը», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ իբրեւ ազգ կայանալու համար, նախ պէտք է կայուն պահել մարդկային դրամագլուխը: «Ես շատ ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն ունիմ հայրենիք գալու եւ իմ հայրենակիցներուն հետ շփուելու», նշեց Յարութիւն Սպարթալեանը, որ կը ներկայացնէր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութիւնը: Ըստ անոր, ասիկա շատ լաւ առիթ է, որ հայ երիտասարդները ծանօթանան իրարու հետ եւ համախմբուին:
Նշենք, որ բանակումը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 11, որուն ընթացքին տասը երկիրներէ ժամանած երիտասարդական միութիւններու 110 երիտասարդները, չորս օր պիտի մնան Աղուերանի մէջ, եւ չորս օր ալ՝ Արցախի:
«Այս տարի բանակումին կը մասնակցեն 110 ուսանողներ եւ երիտասարդներ՝ Գանատայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ աշխարհի այլ երկիրներէ», յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեանը: Ըստ անոր, բանակումի առաջին օրը երիտասարդական պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Աղուերան, ուր պիտի մասնակցի տարբեր սեմինարներու, դասախօսութիւններու, մրցոյթներու եւ խաղերու:
«Մենք ծրագրում ենք նմանատիպ երիտասարդական բանակումներ կատարել երկու տարին անգամ մը, իսկ այդ ընթացքին սփիւռքահայ երեխաներու համար հայրենիք գտնուելու հնարաւորութիւն կը ստեղծենք, որպէսզի երիտասարդ տարիքէն հաղորդակից դարձնենք իրենց հայրենիքին ու մշակոյթին», նշեց Մկրտչեան:
Նման բանակումներ կ՛իրագործուին 80ականներէն ի վեր: Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, բանակումները տեղի ունեցած են արտասահմանի մէջ (երեք անգամ), ապա՝ Հայաստանի մէջ: