Օգոստոս 12-13ին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովը:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները փոխանցեցին, որ վեհաժողովին ընթացքին այլ երկկողմանի հանդիպումներու կողքին, դռնփակ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը եւ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման առնչուող հարցեր:
Յիշեցնենք, որ այսօր Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԷ
ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ» ԿԸ ԳՐԷ
«ՄՈՍՔՈՎՍՔԻՅԷ ՆՈՎՈՍԹԻ»

Ռուսական «Մոսքովսքիյէ նովոսթի» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ այսօր ատրպէյճանցի իր գործընկերոջ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին պիտի փորձէ վերակենդանացնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:
«Երեքշաբթի օր Տմիթրի Մետվետեւ հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպումին հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը: Եթէ բանակցութիւնները բնական ձեւով ընթանան, յաջորդ քայլը, հաւանաբար, պիտի ըլլայ Մետվետեւի հանդիպումը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որուն ալ պիտի յաջորդէ եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումը», կը գրէ օրաթերթը:
Անդրադառնալով յունիսին Քազանի մէջ Մետվետեւի, Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, «Մոսքովսքիյէ նովոսթի» վկայակոչելով իր անանուն աղբիւրները կը գրէ. «Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ձախողութիւնը կը բացատրուի այն բանով, որ հայ եւ ռուս դիւանագէտները գերագնահատեցին քաղաքական զիջումներու ծաւալը, զոր կրնար կատարել Պաքուն: Իսկ Մետվետեւ ստիպուած եղաւ հրատապ կերպով ուղղել իր ենթականերուն սխալները: Ան Սարգսեանին եւ Ալիեւին ուղարկեց նամակ մը, որուն մէջ ներկայացուած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման իր տեսլականը», կը գրէ օրաթերթը‘ նշելով, որ Մետվետեւ նամակը գրած ատեն հաշուի առած է ազրպէյճանական կողմին որոշ դիտողութիւնները:
Ռուսական օրաթերթը որոշ հատուածներ կը մէջբերէ քաղաքագէտ Ալեքսէյ Վլասովի հետ իր հարցազրոյցէն: