ՀՅԴ Ուսանողական-Երիտասարդական Միութիւններու բանակումը կը շարունակուի Հայաստանի մէջ:
Բանակող երիտասարդները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ շրջեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանէն ներս: «Երկիր Մետիա» կայանի

հաղորդումներուն միջոցաւ ամէն օր լայն անդրադարձ կը կատարուի բանակողներու առօրեայի եւ իրենց կատարած այցելութիւններու մասին: Մտքեր, զգացումներ եւ փորձառութիւններ կÿարտայայտուին երիտասարդներուն կողմէ, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով հայրենիքի մէջ կը գտնուին:
«Երկիր Մետիա»ի հաղորդումներուն կարելի է հետեւիլ «Ազատ Օր»ի Facebook-ի կապերուն միջոցաւ: