Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ հանդիպեցաւ ՀՀ Զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպայական կազմին հետ: Հանդիպ-ման ներկայ էին նաեւ    Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները:
Նախագահ Ս. Սարգսեան շնորհաւորեց զինուորականները ՀՀ անկախութեան 20-ամեակի կապակցութեամբ՝  ընդգծելով, որ անկախութեան նուաճման գործով անգնահատելի է ուժային կառոյցներու ներդրումը,՝ հայոց բանակի գլխաւորութեամբ:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 11ի ուշ երեկոյեան ժամանած է Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:

Նիստի պաշտօնական բացումէն ետք Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Ռուստամեան բարձրացուց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները օրակարգէն հանելու եւ Հայաստանի ստորագրութիւնը վերցնելու հարցը:

ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, վերջին օրերուն ատրպէյճանական անօդաչու ինքնաթիռները բաւական մեծ յաճախականութեամբ հետախուզական թռիչքներ կատարած են սահմանային գօտիի ամբողջ երկարութեամբ, իսկ որոշ պարագաներու՝ նոյնիսկ խախտած են Արցախի օդային սահմանը:

Ընթացքի մէջ են Հայաստանի Հանդրապետութեան անկախութեան 20-րդ տարեդարձի նախապատրաստական աշխատանքները:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ յառաջիկայ ձեռնարկներուն համար: