Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան նոր նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Նախագահը շնորհաւորեց Ֆիլիփ Լեֆորը վերջինիս նշանակման առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ անոր դիւանագիտական հարուստ փորձը եւ Հարաւային Կովկասի մասին տեղեակ ըլլալը օգտակար ըլլան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան զարգացումը եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնն ու փորձը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս երէկ ընդունեց Ֆիլիփ Լեֆորը:
Շնորհաւորելով զայն Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին նշանակուելու առիթով‘ Էդուարդ Նալբանդեան համոզում յայտնեց, որ ատիկա պիտի նպաստէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման:
Է. Նալբանդեան նաեւ նշեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները մշտապէս հանդիսացած են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային ուղղութիւններէն եւ առանձնակի ուշադրութեան արժանացած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ ներառուած բոլոր մարզերը, որոնց իբրեւ արդիւնք կողմերը տարուէ տարի կ՛արձանագրեն նորանոր ձեռքբերումներ‘ յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելով:
Զրուցակիցները անդրադարձան Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն‘ նշելով, որ վերջին շրջանին զգալի յառաջընթաց արձանագրած են: Է. Նալբանդեան եւ Ֆ. Լեֆոր անդրադարձան նաեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ քննարկեցին մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման եւ խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերեալ բանակցութիւններու սկիզբի նախապատրաստական աշխատանքները: