Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Հրայր Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ ԱԺ հրաւիրուած են պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ, Ռազմական ոստիկանութեան անդամներ, ԱԺ պատգամաւորներ քննարկելու համար ներկայիս հայոց բանակէն ներս առկայ խնդիրները ու անոնց լուծման եղանակները:

«Զինուած ուժերու ընդհանուր կանոնագիրքը արդէն ուժի մէջ է, սպաներու եւ զինուորներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները արդէն կÿամրագրուին ՀՀ օրէնսդրութեամբ: Զինուորը օրէնքի ուժով կը պաշտպանէ իր իրաւունքները»,- յայտնեց ԱԺ «Հ.Յ.Դ.» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան երէկ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Հ.Յ.Դ. պատգամաւորը նշած է, թէ հարկաւոր է անյապաղ փոփոխութեան ենթարկել զօրակոչի եւ զինուորական ծառայութեան մասին օրէնքները: «Զօրակոչիկը նախքան ծառայութեան անցնիլը պէտք է մանրամասն ստուգման ենթարկուի ռազմաբժշկական յանձնաժողովի կողմէ, զինծառայողը պէտք է անցնի արձակուրդի ոչ թէ հրամանատարի որոշմամբ, այլ օրէնքի ուժով. ամէն զինուորի նկատմամբ պէտք է ցուցաբերուի անհատական վերաբերմունք, իւրաքանչիւր ընդունուելիք օրէնքի զինուորը պէտք է իրազեկ ըլլայ. այս հարցին մէջ իրենց ուրոյն դերը ունին հասարակութիւնը, տարբեր ՀԿ-ները, ԶԼՄ-ները»,- նշեց ան: