- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գործատուներու կողմէ կ’առաջարկուին բաւական գրաւիչ պայմաններ, մասնաւորապէս, ապահովելով բարձր աշխատավարձ, բնակութեան բաւարար պայմաններ, ինչպէս նաեւ օդանաւի տոմսեր: Էմիրութիւնները ունին խիստ զարգացած տնտեսութիւն, որուն կը նպաստեն երկրի ունեցած հարուստ պաշարները։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած զինուորական տողանցք ծրագրուած է Չորեքշաբթի 21 Սեպտեմբերին։ Նախապատրաստական աշխատանքները գրեթէ ամբողջացած են եւ Հանրապետութեան հրապարակը պատրաստ է ընդունելու պաշտօնական տողանցքին մասնակցող բարձրապաշտօն անձնաւորութիւնները, զինուորականները, հիւրերը։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Սեպտեմբեր 19-21, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Սփիւռքի կազմակերպութիւնների ղեկավարների ու ներկայացուցիչների համահայկական համաժողով»ը, որուն մասնակցողներուն թիւը, ըստ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանի, կը հասնի 500ի: Համաժողովին առիթով, Սեպտեմբեր 18ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պոլիսէն ժամանած «Դալար» համոյթին ելոյթը, որմէ ետք մասնակիցները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ Եռաբլուր:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Արժանթինի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալպերթօ տէ Ալոտոն, որ Հայաստան ժամանեց միջգերատեսչական խորհրդատուութիւններու կատարման նպատակով:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ըրած է ուսումանասիրել՝ եթէ Սեպտեմբեր 12ին ԼՂ Մարտունի շրջանի Վազգէնաշէն գիւղի մերձակայքին ոչնչնցուած ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքի հետ առնչուած տեսանիւթի մէջ առկայ ապացոյցը բաւարար է, որպէսզի ԱՄՆ հետաքննութիւն սկսի՝ պարզելու համար ԱՄՆ-ի արտահանումներու օրէնքներու հնարաւոր խախտման դէպքերը: