Մարդու գանկ եւ ոսկորներ գտնուած են Աղիտու-3 քարայրի մէջ կատարուող պեղումներու ժամանակ. անոնք խնամքով կը ծածկուին եւ կը բացւին եկող տարի, երբ արշաւախումբը կը վերսկսի աշխատանքները: Այս մասին հաղորդեց «Լրաբեր»ի Սիսիանի թղթակիցը:


Աղիտու-3-ը Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած միակ յուշարձանն է, որուն շերտերը կը թուագրուին Ք.ա. 20-30 հազար տարի վաղեմութեան: Հնագիտութեան մէջ այդ ժամանակաշրջանը կ’անուանեն վերին պալէոլիթ կամ վերին քարի դար, որ կ’աւարտի մեզմէ շուրջ 14 հազար տարի առաջ:
Հնագէտներէն, հնէաբաններէն, բուսաբաններէն կազմուած արշաւախումբը ծովու մակարդակէն 1600 մ բարձրութեան վրայ գտնուող քարայրէն կը կատարէ նորանոր բացայայտումներ:
Դատելով գտածոներու նախնական ուսումնասիրութենէն‘ գիտնականները կը նշեն, որ այստեղ մարդիկ գլխաւորաբար զբաղած են որսորդութեամբ: անոնց կարծիքով՝ այստեղ առկայ եղած են սառոյցաադաշտային ճահճաջուրեր, որ, ամրան հալելով՝ ստեղծած են հարուստ կենդանական եւ բուսական բնամիջավայր, որ ժամանակի մարդը գրաւած է իր յարմարաւէտութեամբ:
Էքոխորշը բնակեցնելու համար եղած են կենսաապահովման երեք անհրաժեշտ պայմանները՝ բաւարար քանակութեամբ սնունդ, ջուր եւ որսի ու պաշտպանական միջոցներու պատրաստման հումք: Այստեղ ակնյայտ են մանր կենդանիներ որսալու կատարեալ զէնքեր եւ այլ միջոցներ: Որոշ գտածոներ ալ կը վկայեն, որ որսուած կենդանիի մշակումը տեղի ունեցած է քարայրի մէջ:
Դատելով յայտնաբերուած գայլի ոսկորներու հետազօտութենէն՝ գիտնականները կը կարծեն, որ այստեղ կլիման շատ խիստ եղած է. Կը նախատեսուի գայլի գանկը ուղարկել հետազօտութեան, որպէսզի անոր ՏՆԹ-ի ուսումնասիրմամբ պարզ դառնայ, թէ ինչ տեսակի գայլ եղած է ան:
Նշենք, որ Աղիտու-3 քարայրի մէջ 2003ի հայ-ֆրանսական հետախուզական արշաւախումբի աշխատանքները արդիւնք չէին տուած: 2008ի նոր պեղումներ սկսած է հայ-գերմանական արշաւախումբը: Ըստ մասնագէտներու՝ այս քարայրային տիպի յուշարձանը ունի բացառիկ հետաքրքրութիւն, եւ տարածաշրջանի մէջ այս մշակոյթը յայտնի է Իրանի Զագրոսի լեռներու եւ Վրաստանի մէջ, անոնց միջեւ՝ Հայաստանի մէջ, մինչ օրս ան յայտնի չէր, իսկ այժմ բացայայտումները կրնան վկայել Իրանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի բնակիչներու՝ նշուած ժամանակներուն ունեցած կապերու մասին:
Աղիտու-3 քարայրի մէջ պեղումներ կ’իրականացուին արդէն երեք տարի եւ անոնք պիտի շարունակուին այնքան, մինչեւ սպառի յուշարձանի գիտական ներուժը: