Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին յառաջիկային տարածաշրջանային այցելութիւն մը պիտի կատարէ Հարաւային Կովկաս։ Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Վրաստանի դեսպան Մամուկա Կուդաւա։

Ինչպէս կը յայտնեն վրացական լրատուամիջոցները, ան չէ յստակացուցած այցելութեան ժամկէտը։ Կը սպասուի, որ Սարքոզին Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան այցելէ Հոկտեմբերին։
Յիշեցնենք, որ գարնան կատարուելիք այցելութիւնը յետաձգուած էր անորոշ ժամանակով: