Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւր մը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու որոշմամբ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ իւրայատուկ կարգի յաջորդականութեան մը ծիրին մէջ գլխաւոր միջնորդի դերակատարութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի տեղ կրնայ փոխանցուիլ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի։
Աղբիւրը նշած է,որ իրականացուելիք փոփոխութեան հետ մեկտեղ կրնան գործադրուիլ «խաղաղութեան պարտադրման» միջազգային նոր մեքանիզմներ, որոնց շարքին՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումով Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ ՄԱԿ-ի կողմէ վերահսկուող տարածքի ստեղծում, որուն պիտի յաջորդէ վիճելի տարածքին մէջ միջազգային խաղաղապահներու տեղակայումը։