ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանը (ԵՊՀ) իր գիտահետազօտական ներուժով աշխարհի բոլոր համալսարաններու շարքին 1051րդ տեղը կը գրաւէ:

«Հայլուր» կը հաղորդէ, որ Արենիի մէջ յայտնաբերուած է աշխարհի հնագոյն զգեստներէն մէկը։ Հագուստի մեծաքանակ մնացորդներէն առաջինը բացուած փոքրիկ մէկ կտորն իսկ՝ ապշեցուցած է շատ բան տեսած հնագէտներուն։

Լատվիան հաստատած է իր մասնակցութիւնը «Մանկական Եւրոտեսիլ 2011» երգի մրցոյթին: Ինչպէս կը հաղորդէ Belta.by կայքը, այդպիսով, միջազգային այդ մրցոյթին 14 երկիր պիտի  մասնակցի:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան, Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբերին մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրած է, ներկայացնելու համար Երեւանի մէջ իրականացուելիք ծրագիրները:
Գլխաւոր ճարտարապետը յայտնած է, որ Երեւանի պետական կրկէսի վերակառուցման աշխատանքները շուտով պիտի սկսին:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ուիքիլիքս» կայքին մէջ հրապարակւած են ՀՅԴի  անդամներու վերաբերեալ նամակներ: Ստորեւ կը ներկայացուի Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Էվանսի նամակը, որը գրուած է  2006 թուականին, երբ ՕԵԿը դուրս եկաւ համախոհական կառավարութենէն եւ կրթութեան նախարարութիւնը  տրուեցաւ ՀՅԴին: