- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի բանակին մէջ երէկ զինուոր մը մահացած է դարձեալ: Պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Արամ Մելքոնեան 2011-ի զօրակոչին արձագանգելով միացած է բանակին:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա յայտնած է, որ այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզի Ազրպէյճան կատարելիք այցելութեան օրակարգի գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթը:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Երէկ Հայաստանի մէջ սկսաւ անկախութենէն ետք տեղի ունեցող երկրորդ մարդահամարը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 21 Հոկտեմբեր:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մասին զեկուցումներ ներկայացուած են:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հոկտեմբեր 10-ին ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի ու Մխիթարեան Միաբանութեան մասնակցութեամբ կազմակերպուած Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան 200-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի բացումը: