Եռանախագահող երկիրներէն իւրաքանչիւրը իր ձեւաչափը ունի եւ ղարաբաղեան գործընթացին մէջ եւ կÿուժեղանայ ու կ'աշխուժանայ պարբերաբար:

 ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Բազմաթիւ բնագէտներ, մտահոգուած Բնագիտութեան հիմնարկութեան (ինստիտուտ) ճակատագիրով՝ նամակ յղած են Ազգային ժողովի (ԱԺ) ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանին, որ Հոկտեմբեր 4ին նամակը փոխանցեց ԱԺ նախագահին եւ առաջարկեց կազմակերպել լսումներ՝ կառավարութեան նախաձեռնութիւնը քննարկելու համար: Իսկ մինչ այդ, ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, պէտք է դիմել գործադիրին՝ գործընթացը սառեցնելու համար

ՀՅԴ պատգամաւոր Արտաշէս Շահպազեանը բնական կը համարէ, որ Հայ Ազգային քոնկրեսը, չըլլալով խորհրդարանական ընդդիմութիւն, իր դիրքորոշումներն ու տեսակէտերը պէտք է արտայայտէ հրապարակներու մէջ, մինչդեռ ՀՅԴ-ն անոր համար կ'օգտագործէ խորհրդարանական հարթակը: Այս մասին ան ըսաւ «Առաջին լրատուականի» հետ զրոյցին ընթացքին:

Ֆրանսայի նախագահ  Նիքոլա Սարքոզի պետական այցով Հայաստան կ'այցելէ այսօր Հոկտեմբեր 6-ին:
Ան այցելութիւններ պիտի կատարէ նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ շնորհաւորեց աշխարի տարբեր երկիրներուն մէջ գործող հայկական կրթօճախներու բոլոր մանկավարժները Հայաստանի մէջ տօնուած Ուսուցիչի օրուան առիթով: