Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ Հոկտեմբեր 19ին տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, ֆրանսացի քաղաքական գործիչ Անրի Սապիի մասունքներու հողին յանձնման արարողութիւնը:

Հայաստանեան շարք մը թերթերու խմբագիրներ յայտարարութիւն տարածած են՝ ՀՀ քաղաքացիական օրէնսգրքի յօդուած 1087.1-ով սահմանուած դրոյթները եւ անոնց դատական կիրառումը համարելով հակասահմանադրական:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները  օրերս տեղեկատուութիւն տարածեցին, յայտնելով  որ ատրպէյճանական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ որոշած է պատ կառուցել՝ իբրեւ թէ  խաղաղ բնակիչները  հայկական դիպուկահարներու յարձակումներէն  պաշտպանելու նպատակով:

Թուրքիոյ պատմաբաններու ընկերակցութիւնը նամակ յղած է  Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանին, եւ առաջարկած՝ «չէզոք» մասնագէտներու մասնակցութեամբ սկսիլ պատմաբաններու ենթայանձնաժողովի աշխատանքներուն: Այս մասին յայտնած է Հայկ Դեմոյեան:

ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հոկտեմբեր 17ի հրամանագրով՝ Վիգէն Սարգսեան ազատուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնէն եւ նշանակուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար: