Լեռնային Ղարաբաղի բանակին մէջ նախանցեալ օր մահացած է զինուոր մը:
Բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքի հաղորդագրութեան համաձայն, 19 տարեկան ժամկէտային զինուոր Վլատիմիր Ասատրեան սահմանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ մարտական դիրքերուն վրայ հերթապահութիւն կատարելու ընթացքին իր գնդացիրով անձնասպանութիւն գործած է:
Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները կը ճշդուին եւ քըննութիւն կը կատարուի: