Աշխարհի մէջ ամենաերկար ուղեւորատար յետադարձելի «Տաթեւեր» ճոպանուղին մէկ տարեկան է: Ճոպանուղիի «Հալիձոր» կայանի սպասասրահին մէջ հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ՝ ճոպանուղիի տնօրէնը ներկայացուց  ճոպանուղիի մէկամեայ աշխատանքը եւ իրականացած ծրագիրները:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ եւ Նոր Նախիջեւանի ու Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս եպս. Ներիսեանի աջակցութեամբ՝ համագործակցութեան հիմքեր դրուեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Սէն Փէթէրսպուրկի «Ս. Ալէքսանտր Նեւսքի» ուղղափառ հոգեւոր ակադեմիոյ միջեւ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 13ին ընդունած է Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ռոնալտ Քենեթ Նոպլ:

Անցնող շաբաթավերջին Երեւանի մէջ, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին առջեւ ցոյց մը կատարեցին բանակին մէջ ծառայելու ժամանակ սպաննուած զինուորներու մայրերը:

Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ  տեղի ունեցաւ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) անդամ պետութիւններու ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստը: