Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան  երէկ Մոսկուայի մէջ  հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ռուսիա կատարելիք պետական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

Իբրեւ Գլխաւոր համաժողովի ու Անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնական գրութիւն, անցնող շաբաթավերջին ՄԱԿի մէջ տարածուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) յայտարարութիւնը՝ ԼՂի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն վերաբերեալ:

 Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագրեր ստորագրեց Ա. Կիրակոսեանին Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար նշանակելու մասին,

Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակին առիթով, 17 Սեպտեմբեր 2011-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով եւ ձեռամբ, խումբ մը նուիրեալներ, պետական բարձր պարգեւներու արժանացան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին:


ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ «ԴԻՒՐԱՑՆԵԼՈՒ» ՆՈՐ ՁԵ՞Ւ

Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրագործուող տարեկան  Բազմազանութեան արտօնագրի, այսպէս կոչուած «Կրին քարտի» 2011 թուականի վիճակախաղին ընթացքին՝ Հայաստանի մասնակիցներէն 1200 մարդ շահած է։