Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մասին զեկուցումներ ներկայացուած են:


Նիստին ամերիկացի համանախագահ Ռոպերթ Պրաթքէ նշած է, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հիմնուած է երեք սկզբունքի վրայ, ուժի բացառում, պետութեան տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք:
Պրատքէ փորձած է մանրամասնել խնդրայարոյց կէտերը, նշելով թէ անոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններու պարպումին, Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակի մը տրամադրման, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անմիջական կապի (միջանցքի) մը ապահովման, ԼՂհ իրաւական կարգավիճակի յստակացման, գաղթականներու վերադարձին, խաղաղապահ միջազգային գործողութիւններու):
Ըստ Պրատքէի՝ հակամարտող կողմերը միայն մէկ մասը կÿընդունին համանախագահներու խումբի ճշդած կէտերէն, այդ պատճառով ալ անկարելի կը դառնայ յանգիլ եզրափակիչ համաձայնագրի մը:
Իր ելոյթին մէջ, ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտնած է, որ հակամարտութեան կարգաւորումը կարելի կÿըլլայ միայն դիւանագիտական ճամբով եւ կողմերուն՝ քաղաքական կամք ցուցաբերելու պայմանով: