Հոկտեմբեր 10-ին ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի ու Մխիթարեան Միաբանութեան մասնակցութեամբ կազմակերպուած Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան 200-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի բացումը:


Ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ԵՊՀ ռեկտոր Արամ Սիմոնեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Տէր Նաթան եպս. Յովհաննիսեանը, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան,  լեզուի, գրականութեան, արուեստի եւ արեւելագիտութեան ինստիտուտներու, Մատենադարանի եւ ԵՊՀ գիտնականներ եւ ուրիշներ: Գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանեցին Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան աբբահայր ծ. վրդ. Հայր Պօղոս Գոճանեանը, լրագրող Պարպարա Դենշերը (Աւստրիա), Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւնէն Հայր Վահան վրդ. Յովակիմեանը,  Լիբանանէն Մխիթարեան Միաբանութեան վարդապետ Հայր Մեսրոպ Թոփալեանը, Կրակովի Եագելոնեան համալսարանի ասպիրանտ Փիրուզա Մնացականեանը (Լեհաստան):
Բացման խօսքին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեանը նշեց, որ Մխիթարեան կեդրոնները միաժամանակ եւ մշակութային, եւ հայագիտական,  եւ գիտական, եւ կրթական հաստատութիւններ են: Շնորհակալութիւն յայտնելով Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներուն՝ նախարարը բարձր գնահատեց Մխիթարեաններու դերը հայապահպանութեան, հայագիտութեան, հայ մշակոյթի զարգացման եւ պահպանման գործով: Հ. Յակոբեանը նշեց, որ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մէջ կը գտնուի թերթերու եւ հայկական դրամներու ա-մենախոշոր հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ առաջին հայկական եռագոյնը: Նախարարը նաեւ ընդգծեց, որ 20-ամեայ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է զօրակցի եւ աջակցի, որ յաւերժ մնան Վենետիկի եւ  Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւնները:
Հայրենանուէր եւ ազգանուէր գործունէութեան համար Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան աբբահայր ծ. վրդ. Հայր Պօղոս Գոճանեանին Հ. Յակոբեանը պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Վիլիամ Սարոյեան» մետալով, իսկ  հայանըպաստ գործունէութեան համար լրագրող Պարպարա Դենշերը (Աւստրիա) պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրով:
Տէր Նաթան եպս. Յովհաննիսեանը գիտաժողովի մասնակիցներուն փոխանցեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքը եւ մաղթանքը: