- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ կանգնած մեր աղբիւրներուն՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Պրիւքսէլէն վերադառնալէ ետք Հոկտեմբեր 7ին ստորագրած է հրաման, որմով «Բաղրամեան» ուսումնական կեդրոնին մէջ ճամբարային հաւաքի ժամանակ Հոկտեմբեր 3ին տեղի ունեցած մահուան ելքով արկածի պատասխանատու զինուորականները ենթարկուած են տոյժերու:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Նիքոլա Սարքոզիի Հայաստան կատարած այցելութիւնը նախ եւ առաջ հայ-ֆրանսական սերտ յարաբերութիւններու ապացոյցն էր:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ Կորան Լենմարքըր ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ ճամբով, եւ խաղաղ լուծումէն զատ այլընտրանք չկայ: Ան աւելցուց, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան պէտք է փոխադարձ զիջումներ կատարեն:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Լեռնային Ղարաբաղի բանակին մէջ նախանցեալ օր մահացած է զինուոր մը:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Փոտրոպնոսթի» թերթը կը գրէ, որ Մոլտաւիա Հայաստանին վաճառած է ժամկէտանց, սակայն բաւական թանկարժէք զինատեսակ՝ նշելով, որ վաճառուած սպառազինութեան շարքին են Մոլտաւիոյ բանակի ամէնէն սուղ զինատեսակները: