Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ կանգնած մեր աղբիւրներուն՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Պրիւքսէլէն վերադառնալէ ետք Հոկտեմբեր 7ին ստորագրած է հրաման, որմով «Բաղրամեան» ուսումնական կեդրոնին մէջ ճամբարային հաւաքի ժամանակ Հոկտեմբեր 3ին տեղի ունեցած մահուան ելքով արկածի պատասխանատու զինուորականները ենթարկուած են տոյժերու:
Ըստ մեր հաւաստի աղբիւրներուն՝ շարք մը բարձրաստիճան սպաներ, ներառեալ՝ զօրամասի հրամանատարը, պաշտօնազրկուած են, իսկ շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներ, ներառեալ՝ երեք հրամանատարներ, նկատողութիւն ստացած են:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 3ին, ժամը 18.00ի սահմաններուն, «Բաղրամեան» ուսումնական կեդրոնին մէջ, ճամբարային հաւաքներու մէջ գտնուող ինքնաշարժի արկածին հետեւանքով՝ զինուորական վեց ծառայողներ ստացած էին տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ եւ տեղափոխուած հիւանդանոց, ուր Հայկ Դաւթեանը մահացած էր:
Փաստին առիթով ՀՀ ՔՕ 377 յօդուածի 2րդ մասով ՊՆ քննչական ծառայութեան 4րդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ յարուցուած է քրէական գործ: Քրէական գործով ՀՀ ՔՕ 377 յօդուածի 2րդ մասով նախատեսուած յանցագործութեան կատարման կասկածանքով այսօր ձերբակալուած է աւագ սպայ Համլէթ Վիրապեան: Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Յիշեցնենք, որ մէկ շաբաթ առաջ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակ կատարած այցի ժամանակ՝ Սէյրան Օհանեան յայտարարած էր, որ աններելի է ոչ մարտական պայմաններու մէջ մարդկային կորուստներ տալը: