Հայաստանի մէջ, Հոկտեմբեր 12-էն 21 կը կատարուի մարդահամար: Ան, ըստ օրէնքին՝ պարտադիր է երկրին բոլոր քաղաքացիներուն համար:

«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի ջանքերով շուտով լոյս կը տեսնէ «Սոցիալական բարեփոխումները Հայաստանում» աշխատութիւնը: Այն կը ներառնէ առողջապահութեան յառաջիկայ 20 տարիներու ռազմավարութեանը, բնակչութեան զբաղուածութեան խնդիրնե- րու, բնակարանային ֆոնտի նոր հայեցակարգին առնչուող հարցեր:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը սկսած է իր նախընտրական ծրագիրը մշակել եւ իր օրակարգը չի ծանրաբեռներ անիմաստ հարցերով: Այս մասին խօսելով՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան հայրենի «Առաւօտ» օրաթերթին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կուսակցութիւնը

Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտին:

«2012 թուականին՝ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ծրագիրը պիտի սկսի միջազգային մեծ ցուցահանդէսի մը կազմակերպութեամբ, որու ծիրէն ներս նախատեսուած է ցուցադրել նաեւ վերջին տարիներուն ընթացքին հայկական բովանդակութեամբ արտասահմանեան երկիրներու մէջ հրատարակուած գիրքեր (հայերէն եւ օտարալեզու):