Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Պելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի եւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ հանդիպում մը ունեցած է, ուր քննարկուած է եւրասիական տնտեսական համարկման հետագայ հոլովոյթը:

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Նոյեմբեր 18ին երկօրեայ այցով մեկնեցաւ Պաթում, ուր նոյն օրը հանդիպում ունեցաւ իր պաշտօնակից՝ Նիքա Կիլաուրիի հետ:

Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած երդման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին երդում տուաւ  պահպանել Հայաստանի սահմանադրութիւնն ու օրէնքները եւ աշխատիլ ի նպաստ երեւանցիներու բարօրութեան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ հանգանակութեան ծիրէն ներս՝ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ Նոյեմբերի վերջը պիտի այցելէ Արժանթին եւ Ուրուկուէյ:

Նոյեմբեր 18ին կայացած պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասքալեւայի՝ «Ղարաբաղի Վէրքերը» խորագիրով վաւերագրական եօթը շարժանկարներու սկաւառակի շնորհահանդէսին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, թէ այսօր Հայաստանի ամենակարեւոր խնդիրը աշխարհին ապացուցելն է ղարաբաղցիներու պայքարի ճշմարտացիութիւնը: