Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած երդման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին երդում տուաւ պահպանել Հայաստանի սահմանադրութիւնն ու օրէնքները եւ աշխատիլ ի նպաստ երեւանցիներու բարօրութեան:
«Տարօ՛ն, դուն մեզ եւ բոլոր համաքաղաքացիներդ յուսախաբ ընելու իրաւունք չունիս», Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այս կոչով դիմեց Տարօն Մարգարեանին՝ անոր երդման արարողութեան ժամանակ:
Մինչեւ Տարօն Մարգարեանը շնորհաւորելը, նախագահ Սերժ Սարգսեան յիշեց նախորդ քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր պաշտօնավարման կարճ ժամանակաշրջանին ընթացքին կատարած աշխատանքին համար:
Անդրադառնալով նորընտիր քաղաքապետին՝ նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Տարօն Մարգարեան նոր մարդ մը չէ տեղական ինքնակառավարման մարզին մէջ: Ըստ նախագահին, Մարգարեան ինքզինք դրսեւորած էր իբրեւ համայնքի հմուտ եւ հոգատար ղեկավար, որ գործով վաստկեցաւ բնակչութեան յարգանքը եւ սէրը:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ այսօրուընէ սկսեալ Տարօն Մարգարեան լրջագոյն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ քաղաքին եւ Մարգարեան մականունին նկատմամբ՝ ընդգծելով, որ բոլորը կանգնած են անոր կողքին եւ պատրաստ են մշտապէս աջակցելու:
Ըստ նախագահին, իւրաքանչիւր մարդ, իւրաքանչիւր պետական պաշտօնեայ ինք պէտք է կրէ իր ճակատագիրը, ինք պէտք է լաւ աշխատի: Նախագահը աւելցուց, որ անհրաժեշտ է ձեւաւորել համախոհներու մեծ խումբ մը եւ շարունակել լուծել Երեւանի առջեւ դրուած բոլոր ժամանակներու համար ամէնէն կարեւոր խնդիրը՝ թեթեւցնել երեւանցիներուն հոգերը եւ Երեւանը դարձնել աւելի յարմարաւէտ երեւանցիներուն եւ հայերու հնագոյն մայրաքաղաքի հիւրերուն համար:
Նախագահը նաեւ շեշտեց, որ միասնութիւն պէտք է կառուցել արժեհամակարգի, արժէքներու եւ օրէնքներու շուրջ: «Այս արժեհամակարգին պատկանող իւրաքանչիւր անհատ մեր համախոհն է, մեր բնական դաշնակիցը», ըսաւ Հայաստանի նախագահը: