Երէկ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նիստերու սկիզբին, իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը ։
Յայտնի է թէ երկիրը կը մտնէ խորհրդարանական ընտրութիւն-ներու նախապատրաստական փուլ։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախարար Մանուկ Վարդանեան յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ համագործակցութիւնը պիտի կեդրոնանայ բեռնափոխադրութեան եւ ուղեւորներու փոխադրութեան վրայ:

Երեւան կ'այցելէ Apple ընկերութեան համահիմնադիր եւ աշխարհի մէջ անհատական առաջին  համակարգիչի ստեղծող Սթիւ Ուոզնիաք: Ան «Համաշխարհային հեղինակութիւն տեղեկատուական ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ» Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի սահմանած մրցանակը ստանալու համար երկօրեայ այցով Հայաստան կը գտնուէր:

Նոյեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Ռումանիայի Հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիայի սենատի տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ, Ռումանիայի գրողներու միութեան փոխ նախագահ Վարուժան Ոսկանեանին, Ռումանիայի Հայոց միութեան փոխ նախագահ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիայի թեմի  թեմական խորհուրդի անդամ Զարեհ Նազարեանին, Ռումանիայի Հայոց միութեան փոխնախագահ Խաչիկ Կարապետին եւ միութեան ընդհանուր քարտուղար Խաչիկ Մարգարեանին:

Վիեննայի մէջ Միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ  ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Կիրակոսեանը Վիեննայի ՄԱԿ-ի գրասենեակի գլխաւոր տնօրէն, ՄԱԿ-ի Թմրամիջոցներու եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Եուրի Ֆեդոտովին յանձնեց իր նշանակման մասին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նամակը: