Նոյեմբեր 18ին կայացած պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասքալեւայի՝ «Ղարաբաղի Վէրքերը» խորագիրով վաւերագրական եօթը շարժանկարներու սկաւառակի շնորհահանդէսին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, թէ այսօր Հայաստանի ամենակարեւոր խնդիրը աշխարհին ապացուցելն է ղարաբաղցիներու պայքարի ճշմարտացիութիւնը:


«Այսօր ռազմական փուլն աւարտուած է: Չեմ ասում, թէ այն այլեւս անհնար է, բայց ներկայ փուլում մենք բոլորս միասին պէտք է պայքարենք եւ աշխարհին ապացուցենք ղարաբաղցիների պայքարի ճշմարտացիութիւնը: Սա շատ կարեւոր հանգամանք է», նշեց Հայաստանի նախագահը, որուն խօսքով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շատ ճիշդ քայլ կատարած է՝ օժանդակելով Փասքալեւայի աշխատանքներու պատրաստման գործին:
Փասքալեւան առաջին անգամ Հայաստան եկած էր 1991ին՝  իր տեսաերիզներով վաւերագրելու համար այդ օրերուն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուող իրադարձութիւնները:
Փասկալեւա յայտնեց, որ մի քանի օրով մնալու նպատակով եկած էր Ղարաբաղ, ապա որոշեց մնալ մէկ ամիս, յետոյ՝ չորս ամիս, ապա երբեք չմեկնեցաւ անկէ:
Առաջին տարիներուն շարունակ  Ղարաբաղ կը գտնուէր՝  բնակավայրերու մէջ, հիւանդանոցներու  եւ խրամատներու մէջ  նկարահանելով  ամէն ինչ: Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին իր  նկարահանած ֆիլմերը՝ որպէս վաւերագրական նիւթեր, կը  պատմէին այն բոլորի մասին, որ տեղի կÿունենար:
Եւ ահա այդ թիւով 7 ֆիլմերը՝ 6 լեզուներով, ամփոփուած են  երկու տեսասկաւառակներու մէջ, որոնք 1000 օրինակով թողարկուած են  Հայկական երաժշտական կեդրոնի կողմէ, Պաշտպանութեան  նախարարութեան օժանդակութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Շնորհանդի  ընթացքին Փասքալեւան տեսասկաւառակներու   մայր օրինակները  նուիրեց ՀՀ նախագահին:
Սերժ Սարգսեանը  շեշտեց, որ Ցվետանա Փասքալեւան հսկայական, անփոխարինելի աշխատանք  կատարած է, «իր երիտասարդ կեանքի մի մեծ հատուած եղել է հայ զինուորի, երկրապահի, հայոց հողի պաշտպանի կողքին»:
Յուզուած բայց ուրախ զգացումներով խօսք առնելով Փասքալեւա, ըսաւ, որ այս բոլորը որ ինք իր աչքով տեսաւ ու ապրեցաւ  պատերազմի տարիներուն, իրեն ընդմիշտ կապեցին  հայ ժողովուրդին  հետ: Ան աւելցուց, թէ  դիտելով անցած քսան տարիները՝  իրեն համար այսօր ալ շատ դժուար է տեսնել  ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ  նկարահանուած երիզներու պատկերները եւ վերյիշել այդ պահերը:
«Անոնք բոլորը՝  մեծէն  փոքր, ինծի  համար հերոսներ էին, իսկական հերոսներ: Եւ ես երբեք չէի կրնար պատկերացնել, որ իմ ուժերը պիտի բաւարարէին  իրենց հետ վերապրելու պատերազմի տարիները՝  տեսնելով անոնք  ար- ցունքները եւ ամէն օր հասցուած վէրքերը: Հէնց այդ պատճառով ալ այս DVD-ները  ես կոչեցի՝  «Ղարաբաղի վէրքերը», - յուզուած ըսաւ  Ցվետանա Փասքալեւան: