Մուտքի արտօնագիրի դիւրացման հարցը ընթացքի մէջ է, վստահեցուց Քաթրին Աշթոն

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Քաթրին Աշթոնը քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական միութիւն աշխուժօրէն զարգացող յարաբերութիւնները:

«Մուտքի արտօնագիրի (visa) դիւրացման հարցը ընթացքի մէջ է, եւ պէտք չէ այս երկարատեւ գործընթացը ընկալել իբրեւ ձգձգում»: Այս մասին խօսեցաւ Քաթրին Աշթոնը ՀՀ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Անոր խօսքով` ԵՄ ամէն ինչ կÿընէ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ամրացնելու համար, իսկ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը Հայաստանին լայն հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ փոքր գործարարութիւնը զարգացնելու եւ արտահանման ծաւալները մեծցնելու ուղղութեամբ: «ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպման ժամանակ ան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ 350 ձեռնարկութիւն՝ 5000 աշխատողներով բարձր ճարտարագիտութիւններու բնագաւառի մէջ: Բարձր ճարտարագիտութիւններու ոլորտն ու գիւղատնտեսութիւնը խթանելով` Հայաստան կրնայ զարգացնէ տնտեսութիւնը»,- դիտել տուաւ Աշթըն:
Իր կարգին Է. Նալբանդեան ըսած է թէ «մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են միեւնոյն արժէքային համակարգի վրայ, եւ մենք նպատակադրուած ենք իրականացնել եւրոպական չափանիշներին համահունչ բարեփոխումներ ՀՀի մէջ»: