Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Պելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի եւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ հանդիպում մը ունեցած է, ուր քննարկուած է եւրասիական տնտեսական համարկման հետագայ հոլովոյթը:

Երեք երկիրներու նախագահներու քննարկումը ներառած է Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին մասին համաձայնութեան ստորագրում: Յանձնախումբի աշխատանքները պիտի սկսին 1 Յունուար 2012-ին: