- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան Նոյեմբեր 14ին յայտարարեց, թէ «շքեղութեան հարկ»էն կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ տարեկան շուրջ մէկ միլիառ դրամի եկամուտ: Անոր խօսքով, հանրապետութեան մէջ կայ «քանի մը հազար» այդօրինակ ինքնաշարժ:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
11 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին առընթեր ատեանի հերթական նիստը, զոր կը վարէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
2011թ. Նոյեմբեր 15-ին սկսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Ճարտարապետներու եւ շինարար - ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած «Ճարտարապետներու եւ շինարար - ճարտարագէտներու համահայկական 2-րդ համաժողովը»:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Քաթրին Աշթըն պիտի այցելէ Պաքու-Թիֆլիս-Երեւան
Ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քաթրին Աշթընի հարաւկովսկասեան շրջապտոյտին կը գրէ, որ Արեւմուտքը կ'ուզէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հոլովոյթէն դուրս մղել։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ տարուած նախապատրաստական աշխուժ ժամանակաշրջանին համար, յայտնեց թէ ցուցադրութեան համար պատրաստ են համապատասխան փաստաթուղթեր: Արխիւի տնօրէնին խօսքով, կայ շուրջ 12.000 փաստաթուղթ, որոնցմէ կարեւորագոյնները պիտի հրապարակուին եւ լուսանկարի ձեւով զետեղուին գիրքերու մէջ: