ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի յաջորդն է Ժաք Ֆոր: Համա-
 նախագահները Նոյեմբերի վերջաւորութեան պիտի կատարեն շրջանի իրենց հերթական այցելութիւնը, որ Պեռնար Ֆասիէի համար պիտի ըլլայ համանախագահի կարգավիճակով վերջին այցելութիւնը:


Ժաք Ֆոր նախապէս վարած է Ուքրանիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանի պաշտօնը: Ան կ՛աւարտէ Քիեւի մէջ իր առաքելութիւնը: Ֆոր կը տիրապետէ անգլերէնի, գերմաներէնի եւ ռուսերէնի:

 

Հակասական կարծիքներ ԵԱՀԿ Մինսկի Խմբակի Առաքելութեան Մասին

Համաշխարհային ճգնաժամի խմբակի եւրոպական ծրագիրներու վարիչ Սապինա Ֆրէյզըր յայտարարած է, թէ Արցախի տագնապին միջնորդող ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը ձախողած է իր առաքելութեան մէջ, որուն հետեւանքով, միջնորդները կորսնցուցած են բանակցողներուն վրայ իրենց ազդեցութիւնը բանեցնելու ուժը:
Իր կարգին, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թէոտոր Պաքոնսքի նշած է որ իր երկիրը  հաստատակամօրէն կ'աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ՝ հիմնուած միջազգային օրէնքի վրայ։