Երէկ Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին, 84 տարեկանին մահացաւ Գաւառի պետական համալսարանի խորհուրդի նախագահ, փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթոր, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, դասախօս Հրանդ Յակոբեանը՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հայրը:


Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Նոյեմբերին, Երեւանի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ան աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Աստուածաբանութեան բաժանմունքի բացման, ուր շուրջ տասնամեակ մը ղեկավարած է «Կրօնագիտութեան ամպիոնը»: 2010-ին Հայաստանի նախագահին կողմէ արժանացած է գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման: Ան պարգեւատրուած է նաեւ մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի անուան ոսկիէ մետալով, Երեւանի պետական համալսարանի ոսկիէ մետալով, բազմաթիւ այլ պարգեւներով, պատուոյ գիրերով եւ յուշամետալներով:
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ցաւակցական գիր յղած է նախարար Հրանուշ Յակոբեանին: