Ի պատասխան 19-20 Նոյեմբերին առաջնային գիծին վրայ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններուն պատճառով Արցախի բանակին կրած երկու զինուորի կորուստին, հայկական կողմը, ինչպէս նախապէս զգուշացուցած էր, դիմեց պատժիչ գործողութիւններու:
20-25 Նոյեմբեր ինկած ժամանակաշրջանին ատրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ղարաբաղեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններուն շնորհիւ տուած են մինչեւ 7 զոհ եւ վիրաւոր:
Շաբաթ առաւօտեան աշխատանքային այցելութեամբ Գեղարքունիք եւ Տաւուշ մեկնեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սարգսեան այցելութեան սկսաւ Գաւառ քաղաքէն: Անոր այցելութեան առաջին կանգառները եղան քաղաքի Արաբկիր նորակառոյց բժշկական համալիրը, ինչպէս նաեւ երեխաներու եւ դեռահասներու առողջութեան հիմնարկի գաւառի մասնաճիւղը:
Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ Գաւառի բժշկական կեդրոնի բացումին, շրջեցաւ եւ ծանօթացաւ կեդրոնի կարելիութիւններուն, նաեւ պատասխանեց լրագրողները հետաքրքրող քանի մը հարցումներու: Մասնաւորաբար, անդրադառնալով վերջին օրերուն արձանագրուած սահմանային միջադէպերուն, նախագահ Սարգսեան նկատել տուաւ, որ քանի տակաւին ղարաբաղեան խնդիրը չէ լուծուած, սահմանը միշտ անհանգիստ պիտի մնայ:
«Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին երկու զինուորի կորուստ ունեցանք, եւ կորուստին մեղքը ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութեանց վրայ է: Եւ նաեւ իրենց բանակի հետագայ կորուստներուն պատասխանատուներն ալ իրենք են: Մեզի համար մեր զինուորին կեանքը շատ սուղ կ՛արժէ: Եթէ իրենց համար իրենց զինուորին կեանքը ոչինչ կ՛արժէ, ապա մեզի համար մեր զինուորին կեանքը շատ սուղ է: Կը կարծեմ, որ հետզհետէ այս անհանգիստ վիճակը պիտի մեղմանայ: Մեր ցանկութիւնն է, որ այդ անհանգիստ վիճակը պատճառ չդառնայ մարդկային զոհերու», յոյս յայտնեց նախագահ Սարգսեան: