Պրազիլի մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի պատանիներու ախոյեանութիւնը:
18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Հայաստանէն մարզիկ Սամուէլ Տէր Սահակեան թէեւ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տաս Տեպասհիսի (Հնդկաստան) հետ, սակայն հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան՝ առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով:
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Վլատիմիր Ֆետոսիեւ (Ռուսիա) եւ նոյնինքն Տաս Տեպասհիս (7-ական կէտ):
ՀԱՅԱԶԳԻ ՄԱՐԶԻԿԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ