Նոյեմբեր 28-29ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստը, ուր մասնակցութիւն պիտի բերեն ԱՊՀ երկիրներու աւանդական կրօններու «քրիստոնէութիւն, իսլամ, յուդայականութիւն, պուտիզմ) առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ:

Ս. Էջմիածնէն կը տեղեկացնեն թէ ծրագրուած հանդիպման պիտի մասնակցին Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլոս Ա. ինչպէս եւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:
Նախատեսուած են նաեւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահի եւ Վրաստանի պատրիարքի ներկայութիւնները: